2016-08-05 10:21:00

Ծագումով Սոմալցի Նորվեկիացիի մը կողմէ յարձակում` Լոնտոնի մէջ


Ծագումով սոմալցի 19-ամեայ նորվեկիացի մը չորեքշաբթի ուշ գիշերին կեդրոնական Լոնտոնի Ռասըլ հրապարակին վրայ յարձակում գործեց անցորդներու վրայ` սպաննելով Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի մը եւ վիրաւորելով հինգ ուրիշներ:

Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց յարձակումին հեղինակը:

Սպաննուած ամերիկացին 60-ամեայ կին մըն էր, իսկ վիրաւորները Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իսրայէլէն եւ Աւստրալիայէն էին: Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ զոհերը պատահաբար ընտրուած էին, իսկ յարձակումը ծրագրուած չէր:

Ոստիկանութիւնը նաեւ յայտնեց, որ հետաքննութիւնը հետզհետէ աւելի յստակ կը դարձնէ, որ յարձակումին դրդապատճառը «մտային խանգարումն» է:

Ոստիկանութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ Եւրոպայի տարածքին արձանագրուած ահաբեկչական գործողութիւններու շարքի լոյսին տակ «բոլոր կարելիութիւնները» նկատի կ՛ունենայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.